2015-05-09 08:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին առաքելական ճամբորդութիւնը` Էկուատոր, Պոլիվիա եւ Փարակուէյ։


(Ռատիօ Վատիկան) Լատինամերիկեան երեք պետութիւններ` Հիւիս-Արեւմուտքէն  իջնելով դէպի Հարաւ, այս է ֆրանչիսկոս Քահանայապետի 7 օր տեւող ճամբորդութեան յայտագիրը, որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ  5-13 Յուլիս 2015, ուր յաջորդաբար Ան պիտի այցելէ Էկուատորը, Պոլիվիան եւ Փարակուէյը։

Էկուատոր

Առաքեալական ճամբորդութիւնը սկիզբ կ՛առնէ 5 Յուլիս 2015-ին։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յետմիջօրէին կը հասնի Էկուատորի Քիթօ մայրաքաղաքը։ Առաջին ճառը կ՛ արտասանէ միջազգային օդակայանին մէջ։ Յաջորդ օրը առաւօտուն սաւառնակով կ’ուղղուի դէպի Կուայաքիլ (Guayaquil) պատարագ մատուցանելու Աստուածային Ողորմութեան սրբավայրի հրապարակի տարածքին։ Ապա Քիթօ կը վերադառնայ հանդիպում ունենալու  երկրի հանրապետութեան նախագահին հետ եւ այցելութիւն կատարելու մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ։

Յաջորդ օրուայ` 7 Յուլիսին յայտագիրը, կը նախատեսէ Սրբազան Հօր հանդիպումը երկրի եպիսկոպոսներուն հետ ապա հանդիպում  դպրոցական ու համալսարանական ուսանողներուն հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ։

8 Յուլիսի առաւօտուն ֆարանչիսկոս Քահանայապետը կ՛այցելէ եղբայրօգնութեան կրօնաւորուհիներու հանգստեան տունը, ապա “El Quinche” Մարեմեան ազգային սրբավայրին մէջ կը հանդիպի` կղերին, կրօնաւորուհիներուն ու ժառանգաւորներուն հետ։

Պոլիվիայի հանգրուանը

8 Յուլիս յետմիջօրէին  քահանայապետական օդանաւը էջք կը կատարէ  Լա Բազ մայրաքաղաքի “El Alto” միջազգային օդակայան։ Բարի գալուստի արարողութենէն ետք Նորին Սրբութիւնը կ’այցելէ երկրի  հանրապետութեան նախագահին, իսկ մայրաքաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ հանդիպում կ’ունենայ քաղաքացիական իշխանութեան հետ։ Երեկոյեան դարձեալ օդանաւ կ՛առնէ  դէպի ''Santa Cruz de la Sierra'', ուր յաջորդ օրը  պատարագ պիտի մատուցանէ իսկ յետմիջօրէն պիտի անցնէ կղերին ու ժառանգաւորներուն հետ։

Երրորդ եւ վերջին հանգրուանը Փարակուէյ

Ֆրանչիսկոս Պապը Փարակուէյ կը ժամանէ ուրբաթ 10 Յուլիսի ժամը 15-ին։ “Silvio Pettirossi”  միջազգային օդակայանին մէջ նախատեսուած է բարի գալուստի արարողութիւն ապա երկրի հանրպետութեան նախագահին այցելութիւն։

Շաբաթ 11 Յուլիսին Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ մանկավարժարան մը ապա պատարագ կը մատուցանէ ''Ասունթայի''  աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ մինչ երեկոյեան կը հանդիսապետէ երիտասարդներու պատարագը։

Վերջին օրը Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ’ունենայ աղքատ թաղամասի բնակչութեան հետ։ Յետմիջօրէին նախքան Հռոմ վերադարձը հանդիպում կ’ունենայ  Փարակուէյի երիտասարդներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.